Գիշերը առաւել յամառ գործողութիւններ ծաւալած են Շուշիի մերձակայքը. ոչնչացուած է թշնամիի մեծաթիւ կենդանի ուժ, 4 հրասայլ, 20 ռազմական սարք, 11 զրահամեքենայ, 2 ԱԹՍ

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը կը յայտնէ, որ նոյեմբեր 7-ին եւ լոյս 8-ի գիշերը փոփոխական ուժգնութեամբ մարտերը շարունակուած են ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով:
«Առաւել յամառ գործողութիւններ ծաւալած են Շուշիի մերձակայքը եւ հարաւարեւելեան հատուածին մէջ: ՊԲ ստորաբաժանումները հակառակորդին հասցուցած են թիրախային հարուածներ` ետ մղելով յառաջխաղացման բազմակի փորձերը:
Տարբեր ուղղութիւններով ծաւալած մարտերու ընթացքին ոչնչացուած է Ատրպէյճանի մեծաթիւ կենդանի ուժ, 4 հրասայլ, 20 միաւոր այլ ռազմական սարքեր, 11 միաւոր զրահամեքենայ, 2 ԱԹՍ:
Մարտական գործողութիւններուն զուգահեռ հակառակորդը հրթիռահրետանային համակարգերվ թիրախաւորած է նաեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը եւ Շուշին: Վնասուած են քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ:
Լուսադէմին դիտարկուած են հակառակորդի սարքերու եւ անձնակազմի կուտակումներ ճակատային գիծի հարաւարեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան հատուածներուն մէջ:
Բանակային ստորաբաժանումները կը վերահսկեն մարտավարական իրադրութիւնը եւ քայլեր կը ձեռնարկեն կրակային խոցման ուղղութեամբ»,-նշուած է կեդրոնի դիմատետրային գրառման մէջ: