Գիշերը հրետակոծուած են Մարտունին, Ասկերանի շրջանի վերին ենթաշրջանի գիւղերը. ներկայիս տեղային մարտեր են. ՊԲ

2020-10-28
Image

Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ 27 հոկտեմբերի լոյս 28-ի գիշերուայ ընթացքին պահպանուած է յարաբերական կայուն-լարուած իրադրութիւն:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Երեկոյեան հակառակորդը շարունակած է հրետակոծել խաղաղ բնակավայրերը, մասնաւորապէս թիրախ յայտնուած են Մարտունին, Ասկերանի շրջանի վերին ենթաշրջանի գիւղերը:

Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ'ընթանան ճակատային գիծի որոշ ուղղութիւններով: ՊԲ ստորաբաժանումները կը շարունակեն հակառակորդի ներթափանցող խումբերու ոչնչացման գործողութիւնները»,-նշած են ՊԲ-էն: