Գիշերը Մարտունին ենթարկուած է ռմբակոծութեան, միւս բնակավայրերուն մէջ համեմատաբար հանգիստ եղած է․ ԱԻՊԾ

Ստեփանակերտի մէջ պարբերաբար հնչող օդային տագնապը բնակչութեան իրազեկման համար է՝ կապուած երկնային տիրոյթին մէջ յայտնուող թշնամական օդուժի եւ սպասուող սպառնալիքի հետ։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի ԱԻ պետական ծառայութիւնը։
«Պայքարը կը շարունակուի նաեւ թիկունքին: Թշնամական ուժերը պարբերաբար կը հրթիռակոծեն խաղաղ բնակավայրերը։
Գիշերը Մարտունին ենթարկուած է ռմբակոծութեան: Հերթական անգամ այստեղ կիրառուեցաւ ռազմական օդուժ եւ ավերածութիւններ ու նիւթական վնասներ պատճառեց խաղաղ բնակչութեան։
Միւս բնակավայրերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։