Գիշերուայ ընթացքին յատկապէս ծանր մարտեր ընթացած են հարաւային ուղղութեամբ

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտերը:
Յատկապէս ծանր մարտեր ընթացած են հարաւային ուղղութեամբ:
ՊԲ ստորաբաժանումները կը շարունակեն վերահսկողութեան տակ պահել դաշտային իրադրութիւնը եւ իրենց գործողութիւններով թշնամական ուժերուն պատճառել կենդանի ուժի եւ ռազմական սարքերու մեծաքանակ կորուստներ: