Գիշերուայ ընթացքին սահմանին իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ, ընդհանուր առմամբ, իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտերը:
Առաւօտեան, հակառակ մարդասիրական հրադադարի մասին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, թշնամական ուժերը վերսկսած են հրետանային հրետակոծութիւնները հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններուն վրայ:
ՊԲ ստորաբաժանումները հակառակորդի կրակակետերը լռեցնելու համար կը դիմեն համարժէք գործողութիւններու՝ վերահսկողութեան տակ պահելով դաշտային իրադրութիւնը: