Դադիվանքը նոր վանահայր ունեցաւ

2021-03-15
Image

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կատարուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու նշանակումներ։

Հոգեշնորհ Տ. Մխիթար աբեղայ Գրիգորեանը համատեղութեան կարգով առժամապէս ծառայութեան կոչուած է Արցախի թեմին մէջ` որպէս Դադիվանքի վանահայր։

Հոգեշնորհ Տ. Ներսէս աբեղայ Յարութիւնեանը, ազատուելով Եգիպտոսի հայոց թեմին մէջ ստանձնած պարտականութիւններէն, նշանակուած է Արցախի թեմ` որպէս Դադիվանքի հոգեւոր սպասաւոր։

Դադիվանքի մէջ իր ծառայութիւնը կը շարունակէ նաեւ Բարեշնորհ Մանուէլ սարկաւագ Սարգսեանը՝ ազատուելով ՀՀ ԶՈՒ Հոգեւոր Առաջնորդութենէն ներս ստանձնած պարտականութիւններէն։