Դատարանի որոշմամբ՝ Դաւիթ Տօնոյեանը կալանաւորուեցաւ

2021-09-30
Image

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը դատարանի որոշմամբ 2 ամիսով կալանաւորուեցաւ։ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի բակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Տօնոյեանի պաշտպան Սերկէյ Յովհաննիսեանը։

Դաւիթ Տօնոյեանը եւ ՀՀ զինուած ուժերու կարիքներու համար ռազմամթերքի մատակարար կազմակերպութեան տնօրէն Դաւիթ Գալստեանը ներգրաւուած են որպէս մեղադրեալներ՝ աւելի քան 2,2 միլիառ դրամ յափշտակելու, կեղծիքներ կատարելու համար:

Նշենք որ երէկ՝ 29 Սեպտեմբերին, Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարան բերուած էին պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ զէնքի յայտնի մատակարար Դաւիթ Գալստեանը:

Այսօր տեղի ունեցած է Դաւիթ Տօնոյեանը կալանքի տակ վերցնելու ԱԱԾ-ի միջնորդութեան քննութիւնը՝ Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւվասութեան դատարանին մէջ:

Յիշեցնենք, որ երէկ խուզարկութիւն կատարուած էր Տօնոյեանի, ինչպէս նաեւ Պաշտպանութեան նախարարութեան այլ նախկին ու ներկայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու բնակարաններուն մէջ։