Դարձեալ երկրաշարժ, այս անգամ Շորժայի մէջ

2021-02-16
Image

Փետրվարի 15-ին, ՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ Շորժա գիւղի մօտակայքը երկու երկրաշարժ գրանցուած է, մէկ ժամ տարբերութեամբ՝ առաջինը՝ տեղական ժամանակով ժամը 22:27-ին, իսկ երկրորդը՝ ժամը 23:31-ին:

Առաջինը՝ Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Շորժա գիւղէն 5 քմ հիւսիս-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 3.3 աստիճան երկրաշարժ (յետցնցում), իսկ երկրորդը՝ Գեղարքունիքի մարզի Շորժա գիւղէն 4 քմ հիւսիս-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 2.0 աստիճանով երկրաշարժ (յետցնցում): Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱԻՆ-ը։

Առաջինի պարագային կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 4-5 աստիճան, երկրորդի պարագային կազմած է 2-3 աստիճան:

Երկրաշարժը (յետցնցում) զգացուած է Ծովագիւղ համայնքին մէջ եւ Գաւառ քաղաքին մէջ` 3 աստիճան ուժգնութեամբ, Սեւան, Աբովեան, Դիլիջան եւ Իջեւան քաղաքներուն մէջ` 2-3 աստիճան ուժգնութեամբ, իսկ երկրորդի պարագային՝ Շողակաթ եւ Ճամբարակ համայնքներուն մէջ` 2-3 աստիճան ուժգնութեամբ: