Դեսպան Մակունցը դասախօսութիւն կարդացած է ԱՄՆ-ի Ռազմածովային քոլեճի ուսանողներուն
ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունցը 3 Յունուարին դասախօսութիւն կարդացած է ԱՄՆ-ի Ռազմածովային քոլեճի ուսանողներուն:
Դեսպանը ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները՝ կարեւորելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, անվտանգութեան միջավայրը եւ տարածաշրջանային զարգացումները։
Դասախօսութեան յաջորդած է հարցուպատասխանը:
Քոլեճը 1884 թուականին ստեղծուած է ռազմածովային սպաներու մասնագիտական խորացուած ուսուցման համար, այն կը կրթէ առաջնորդներ բոլոր ծառայութիւններէն, ԱՄՆ կառավարութեան գործակալութիւններէն եւ գերատեսչութիւններէն, միջազգային ռազմածովային ուժերէն: