Եթէ ատրպէյճանեան ուժերը չհեռանան հայկական ուժերը կրնան ուժային միջոցներու դիմել

Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին 12 եւ 13 Մայիսին իրականացուած սադրանքներէն ետք ստեղծուած իրադրութիւնը, 18 Մայիսի երեկոյեան դրութեամբ, փոփոխութիւն չէ կրած։ Իրադրութիւնը համեմատաբար հանգիստ է։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ ՊՆ-ն:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կարեւորէ խնդրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը եւ բարձր կը գնահատէ այդ ուղղութեամբ տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ ներդրուած ջանքերը, հաշուի նստելով անոնց հնչեցուցած՝ խաղաղ հանգուցալուծման կոչերու հետ։ Այս առումով, 14 Մայիսէն մեկնարկած բանակցութիւնները դեռ ընթացքի մէջ են:
Այդուհանդերձ, ողջամիտ ժամկէտներու մէջ խաղաղ կարգաւորման բացակայութեան, այն է՝ ատրպէյճանցի զինուորականներու՝ առանց նախապայմաններու իրենց ելման դիրքեր չվերադառնալու պարագային, ՀՀ զինուած ուժերն իրաւունք կը վերապահեն խնդիրը լուծել այլ, այդ շարքին նաեւ ուժային տարբերակով։
Անգամ մը եւս կը յայտարարենք, որ որեւէ ոտնձգութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու հանդէպ բացարձակ անընդունելի է, եւ ատրպէյճանցի զինուորականները պարտաւոր են լքել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը։