Եթէ Ատրպէյճանը գարնան չյարձակի, ԵՄ առաքելութիւնը յաջողած կը համարուի․ Մարքուս Ռիթըր

2023-03-29
Image

Գերմանական Deutsche Welle պարբերականը անդրադարձած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն: Հրապարակուած յօդուածին մէջ նշուած է, որ 2020-ին ձեռք բերուած հրադադարը փխրուն է, եւ խաղաղ բնակիչները կը վախնան Ատրպէյճանի կողմէ իրավիճակի սրումէն:

Հայ-ատրպէյճանական սահմանի հայկական կողմը տեղակայուած Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրը նշած է, որ շատ հայեր ուրախութեամբ ընդունած են առաքելութեան տեղակայումը, իրենց դիտորդներուն Ատրպէյճանի տարածք մուտք գործել չեն թոյլատրեր, ուստի իրենք չեն կրնար նկատել, օրինակ՝ հերթական յարձակման պատրաստուելու ժամանակ զօրքերու տեղաշարժը:

«Շատ հայեր կը կարծեն, որ գարնան Ատրպէյճանի կողմէ յարձակում պիտի ըլլայ: Եթէ այդ տեղի չունենայ, կը կնշանակէ` մեր առաքելութիւնն արդէն յաջողած է»,-ըսած է ան: