Եթէ Ատրպէյճանը շարունակէ յարձակումը, Պաշտպանութեան բանակը միայն իր նախկին բնագիծերը վերականգնելով պիտի չբաւարարուի

2020-09-30
Image

Ազրպէյճանի բանակը պատերազմի նախայարձակ ըլլալու պահէն ընդամէնը քանի մը ժամ անց արդէն առաջ շարժելու հնարաւորութիւն չէ ունեցած: Այս մասին այսօր ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան:

«Արդէն 27 սեպտեմբերի գիշերը հայկական կողմը կրցած է վերականգնել կորսնցուցած դիրքերու մեծ մասը՝ ունենալով յառաջխաղացում։ Այդ յաջողութիւնները կը պահպանուին առ այսօր։ Հայկական կողմը ամբողջութեամբ այս պահուն Ազրպէյճանի յարձակումը կը զսպէ»,- նշած է Պօղոսեանը։

Ան համեմատութիւն կատարած է 30 տարի առաջ նոյն տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցածի միջեւ՝ նշելով, որ շատեր լսած են, երբ Ատրպէյճանը կը խօսի կորսնցուցած տարածքներու մասին։

«Իրականութեան մէջ  30 տարի առաջ եւս Արցախի ժողովուրդը ոտքի կանգնած է իր անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի համար, փոխարէնը ստացած է պարտադրուած պատերազմ: Այս պատերազմական գործողութիւններու արդիւնքով ունինք այն, ինչ ունինք այսօր, եւ որու մասին անընդհատ կը խօսի Ազրպէյճանը: Եթէ այս ընթացքին Ազրպէյճանը շարունակէ իր յարձակողապաշտ  գործողութիւնները, չենք բացառեր, որ Պաշտպանութեան բանակը միայն իր նախկին բնագիծերը վերականգնելով չբաւարարուի: Արցախի իշխանութիւնները արդէն յայտարարած են՝  նախայարձակ գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»,- նշած է Պօղոսեան:  

Լրագրողի հարցին, թէ ինչպէս կը մեկնաբանէ իրավիճակը, երբ ատրպէյճանական կողմը արդէն կրակոցներ կ'արձակէ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի վրայ՝ խօսնակը նշեց, որ իրենք երբեք տարբերութիւն չեն դներ մայրաքաղաքի եւ սահմանամերձ բնակավայրերու միջեւ, քանի որ բոլոր պարագաներուն ալ կը թիրախաւորուին քաղաքացիական անձինք։ 

«Մենք կը համարենք, որ սա Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային յանցագործութեան դրսեւորումներ են։ Կ'ուզեմ յստակ ըսել՝ մենք ի վիճակի ենք պաշտպանելու մեր հայրենիքը, Ատրպէյճանը պիտի ստանայ հուժկու հարուած, բայց մենք պիտի չթիրախաւորենք անոնց քաղաքացիական բնակավայրերը։ Սա մեզի համար սկզբունքային հարց է»։