Եթէ չպահպանուին կանոնները, առաջիկայ շաբթուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան մօտ 6820 նոր դէպք պիտի արձանագրուի․ ԱՆ

2021-03-22
Image

Ինչպէս ամբողջ աշխարհի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան համաճարակային իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ, կը տեղեկացնէ Առողջապահութեան նախարարութիւնը:

2021 թուականի 18 մարտի դրութեամբ՝ ՀՀ-ի մէջ արձանագրուած է 181165 դէպք, որմէ՝ 9830-ը (5,4%) կը ստանան բուժում, 167186 (92,3%) անձ առողջացած է, 3301 պարագայի արձանագրուած է մահուան ելք, մահաբերութիւնը կը կազմէ 1,8%:

Վերջին 14 օրուայ ընթացքին արձանագրուած է հիւանդութեան 7858 դէպք, որ նախորդ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ (3487 դէպք) աճած է 125%-ով։

Վարակի վերարտադրութեան ցուցանիշը (7 օրուայ հաշուարկով) 16.03.2021-ի դրութեամբ կազմած է 1,48, որ կը նշանակէ, որ եթէ ինչպէս բնակչութեան, այնպէս ալ տնտեսվարող կազմակերպութիւններու կողմէ չպահպանուին անվտանգութեան կանոնները, մասնաւորապէս՝ դիմակի կրումը բաց եւ փակ տարածքներու մէջ, ձեռքերու ախտահանումը կամ լուացումը օճառով, ինչպէս նաեւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը առնուազն 1,5 մեթր, ապա մօտակայ 7 օրուան ընթացքին պիտի արձանագրուի հիւանդութեան մօտ 6820 նոր դէպք, որ կը կազմէ այսօր բուժում ստացողներու մօտաւորապէս 69%-ը:

Յատկապէս ուշադրութիւն պէտք է դարձնել փակ կազմակերպութիւններու մէջ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած դէպքերու հետ շփում ունեցածներու յայտնաբերման եւ առողջապահութեան նախարարի 17-Ն հրամանով սահմանուած պահանջներու պահպանման, մասնաւորապէս՝ անոր համար աշխատանքը 14-օրեայ ժամկէտով կը կազմակերպուի հեռավար եղանակով, իսկ անհնարինութեան պարագային` հերթափոխային սկզբունքով, անոր անհնարինութեան պարագային ալ կը կատարուի աշխատավայրի մէջ աշխատանքային պայմաններու փոփոխութիւն՝ այլ աշխատողներու հետ շփումը բացառելու կամ նուազագոյնի հասցնելու նպատակով: