Եղբայրական հայ ժողովուրդի հետ մեր համերաշխութիւնը անբաժան է. Կիպրոսի նախագահի ապրիլքսանչորստեան գրառումը
Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես իր պաշտօնական թուիթըրեան հասցէէն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի վերաբերեալ գրառում կատարած է: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին յայտնած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:
«Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան յարգանքի տուրք կը մատուցենք 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին։ Կը շարունակենք պայքարը այս սարսափելի յանցագործութեան միջազգային ճանաչման համար։ Եղբայրական հայ ժողովուրդի հետ մեր համերաշխութիւնը անբաժան է»,- նշուած է գրառման մէջ: