ԵՄ-ն կրնայ 2.6 միլիառ եւրօ համախմբել Հայաստանի մէջ առաջնահերթ ծրագրերու իրականացման համար. Օլիվըր Վարհէի

Եւրոմիութիւնը 1,6 միլիառ եւրօ պիտի յատկացնէ Հայաստանի մէջ «առաջնահերթ յատուկ ծրագրերու» իրականացման, որոնք ուղղուած են երկրին մէջ տնտեսական աճ ապահովելուն եւ աշխատատեղերու աւելացման: Իսկ ընդհանուր առմամբ, Եւրոմիութիւնը այս ծրագրի ներքոյ կրնայ 2,6 միլիառ եւրօ հաւաքագրել Հայաստանի համար:
Այս մասին 9 Յուլիսին Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ համատեղ յայտարարութիւններու ժամանակ ըսած է Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվըր Վարհէին՝ նշելով, որ Հայաստան կատարած իր այցելութեան նպատակը տնտեսական եւ նիւթական ներդրումներու այն մեծ փաթեթն է, որ ինք իր հետ բերած է որպէս նուէր հիւրընկալող հայկական կողմին:
«Կը կարծեմ՝ այս ծրագիրը լրջագոյն հնարաւորութիւն կը ստեղծէ Հայաստանի համար, եւ ես լիայոյս եմ, որ մենք կրնանք վարչապետի եւ փոխվարչապետի հետ աշխոյժօրէն աշխատիլ, որպէսզի սա իրականութիւն դառնայ: Արդիւնքներն ապահովելու համար 4 տարի ժամանակ ունինք: Ես իմ կողմէս պատրաստ եմ», - նշած է Օլիվըր Վարհէին:
Ան աւելցուցած է՝ պատրաստ են շատ մեծ չափի ներդրումը շատ գործնական ձեւով իրագործել Հայաստանի տնտեսական վերականգնման համար՝ Արեւելեան գործընկերութեան ողջ տարածաշրջանի հետ: