ԵՊՀ նախկին վարիչ Արամ Սիմոնեանին մեղադրանք առաջադրուած է

2020-09-17
Image

«Հայկական ժամանակ»-ի տեղեկութիւններով` ԵՊՀ նախկին տնօրէն Արամ Սիմոնեանին մեղադրանք առաջադրուած է:

Ան կը մեղադրուի ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի (իւրացնելը կամ վատնելը) 3-րդ մասի 1-ին կէտով: Սիմոնեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է երկրէն չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը:

Տեղեկութիւնը «Հայկական ժամանակ»ի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած են ՀՀ քննչական կոմիտէէն։

Սակայն կարելի չէ եղած ճշդել, թէ արդեօք ենթադրեալ չարաշահումները կապ ունի՞ն անոր աշխատանքային գործունէութեան հետ: