Երասխի մէջ մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է 38–ամեայ պայմանագրային զինծառայող. ՀՀ ՊՆ

14 Յուլիսի առաւօտեան հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ իրականացուած սադրանքի հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացաղ է 1983 թուականին ծնած, ՀՀ ԶՈւ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, շարքային Սամուէլ Գագիկի Ալավերդեանը: Տեղեկութիւնը կը յայտնէ ՀՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կ'իսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Նշենք, որ Ատրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումները, մարտական դիրքերու առաջխաղացման նպատակով, փորձած են ճարտարապետական տեխնիկայի կիրառմամբ ամրաշինական աշխատանքներ իրականացնել:
Հայկական կողմի՝ նշուած աշխատանքները դադրեցնելուն միտուած հակազդող գործողութիւններէն ետք ատրպէյճանցի զինծառայողները նշանառու կրակ բացած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Ծաւալած փոխհրաձգութեան հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ԶՈՒ զինծառայողը: Կորուստներ ունի նաեւ ատրպէյճանական կողմը: