Երեկոյեան 8-ին կը հանդիպինք Հանրապետութեան հրապարակ. Նիկոլ Փաշինեան

2021-06-21
Image

Ինչպէս եւ պայմանաւորուած ենք՝ այսօր, 21 Յունիսին, երեկոյեան ութին՝ ժամը 20.00-ին, կը հանդիպինք Հանրապետութեան հրապարակին մէջ:

Այս մասին դիմատետրեան իր էջին յիշեցուցած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը՝ նշելով, որ հանդիպման ժամանակ պիտի իրականացուի ժողովուրդի կողմէ Պողպատէ մանտաթը նորընտիր վարչապետին յանձնելու հանդիսաւոր արարողութիւն-հանրահաւաքը։