Երեւանի մէջ ձերբակալութիւններ

ԱԱԾ-ն քիչ առաջ ձերբակալած է ԱԱԾ նախկին ղեկավար, «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանին, ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին, ՀՀԿ մամուլի խօսնակ Էտուարտ Շարմազանովին, ԱԺ նախկին փոխօսնակ, «Հայրենիք» կուսակցութենէն Արա Սահակեանին, ՀՅԴ գործիչներ ՝ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ Գեղամ Մանուկեանը:
Առաւօտեան ԱԱծ-ն բերման ենթարկած է եւս երեք քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ-էն՝ Արծուիկ Մինասեանը, «Ազգային օրակարգ» կուակցութենէն Արա Յակոբեանը եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան անդամ Արսէն Պապայեանը»:
Յիշեցնենք, որ Գագիկ Ծառուկեանը բերման ենթարկուած էր Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով հանրահաւաքէն առաջ, իսկ Վանեցեանն ու Շարմազանովը հանրաւավաքէն ետք:
Յայտնի է, որ ԱԱԾ նախկին տնօրէն, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեանը կը կասկածուի ՀՀ ՔՕ 225.1 (օրէնքով սահմանուած կարգի խախտմամբ հաւաք կազմակերպելը եւ անցկացնելը) եւ 307.1 (ռազմական դրութեան իրաւական ռեժիմի ընթացքին գործող միջոցառումները եւ ժամանակաւոր սահմանափակումները խախտելը) յօդուածներով: