Երեք զինծառայողներու սպանութեան կասկածանքով ձերբակալուած է ծառայակիցը

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոր մանրամասնութիւններ յայտնած է Օգոստոսի 19-ին մարտական յենակէտը 3 հայ զինծառայողի դի յայտնաբերուելու դէպքին մասին:
Մամուլով շրջանառուող` ներթափանցման մասին լուրերուն ի պատասխան ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն «Արմէնփրէս»-ին յայտնած են, որ դէպքի հանգամանքները լիարժէք բացայայտելու նպատակով այս պահուն ամբողջ ծաւալով անհրաժեշտ գործողութիւններ կ'ընթանան:
«Այդուհանդերձ, գոնէ այս պահին եղած նախնական տեղեկութիւններով՝ տեղի ունեցածը կապ չունի հակառակորդի հետ։ Նոր տեղեկատուութիւն ունենալուն պէս պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս կու գայ համապատասխան հաղորդագրութիւններով»,- ըսուած է «Արմէնփրէս»ին տրամադրուած պատասխանին մէջ։
ՀՀ քննչական կոմիտէի տեղեկացմամբ՝ նշուած յանցագործութիւնը կատարելու՝ ապօրինաբար դիտաւորութեամբ 3 զինծառայողները կեանքէ զրկելու կասկածանքով ձերբակալուած է անոնց ծառայակից, նոյն զօրամասի պարտադիր ժամէետային զինծառայող Ա.Հ-ն:
Քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի: