Երէկ Արցախի հարաւին մէջ իրականացուած որոնումները դարձեալ արդիւնք չեն տուած. Արցախի ԱԻՊԾ

2021-03-04
Image

Երէկ Արցախի հարաւին մէջ իրականացուած որոնումները դարձեալ արդիւնք չեն տուած, զոհուած զինծառայողի կամ քաղաքացիական անձանց աճիւն կամ մասունք չէ յայտնաբերուած: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի ԱԻՊԾ։

Որոնումները այսօր 3 ջոկատով կը շարունակուին Ջրականի (Ճապրայիլ) եւ Հադրութի շրջանին մէջ, Քաշաթաղի շրջանի հարաւային թեւին մէջ: