Երկրաշարժ Հայաստանի մէջ. ցնցումները զօրաւոր եղած են Լոռիի եւ Շիրակի մարզերուն մէջ

24 Հոկտեմբերին, տեղական ժամանակով ժամը 21։04-ին ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու նախարութեան Սէյսմիկ պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան սէյսմոլոկիական ցանցին կողմէ գրանցուած է Հայաստան-Վրաստան սահմանային գօտի` Բաւրա գիւղէն 9 քմ արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 3.8 աստիճանով երկրաշարժ:
Երկրաշարժը զգացուած է Շիրակի մարզի մէջ 4 բալ, Լոռիի մարզի Վանաձոր, Սպիտակ քաղաքներուն եւ Շնող գիւղին մէջ` 3-4 բալ ուժգնութեամբ: