Երուսաղէմի ՌԱԿ ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանը

2022-09-09
Image

Երուսաղէմի մէջ, Հինգշաբթի, 8 Սեպտեմբերին, մտերմիկ հանդիպում տեղի ունեցաւ ՌԱԿ շրջանակի ղեկավարութեան եւ Հայաստանէն ժամանած ՀՀ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ Տիար Անդրանիկ Քոչարեանի միջեւ:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը «Նաֆուրա» շքեղ ճաշարանին մէջ։

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Փոխատենապետ՝ Ընկերներ Յակոբ Անդրէասեան եւ Ընկ. Նշան Պալեան, ինչպէս նաեւ Ռ.Ա.Կ.ի Երուսաղէմի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Փանոսեան, Ռ.Ա.Կ. կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամներ՝ ընկերներ՝ Յակոբ Շէօհմէլեան եւ Սարօ Նագգաշեան, Հայ Երիտասարդաց Միութեան նախկին Ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գալայճեան եւ վարչական ընկերներ։

1

Հանդիպման Բարի գալուստի խօսքով հադէս եկաւ Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան Փոխատենապետ ընկեր Յակոբ Անդրէասեան: Մտերմիկ եւ անկեղծ մթնոլորտի մը մէջ Պր. Անդրանիկ Քոչարեան լայն եւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ հաղորդեց Հայրենիքի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերու մասին, որոնց շուրջ ծաւալեցաւ քննարկում։

1

Նշենք, որ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Պրն. Անդրանիկ Քոչարեան Երուսաղէմ կը գտնուի ՀՀ Ազգային ժողովի իր ղեկավարած յանձնաժողովի եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի միջեւ համատեղ մշակուած բարեգործական ծրագրի մը շրջածիրէն ներս: Ան կը գլխաւորէ  2020 թուականին տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով հաշմանդամութիւն ձեռք բերած զինուորներու խումբը, որոնք Երուսաղէմ այցելելով ուխտագնացութիւն կը կատարեն Սուրբ Երկրի սրբավայրեր եւ կը ծանօթանան տեղի Հայոց Պատրիարքութեան հարուստ պատմութեանն ու գործունէութեան:

Ծրագիրը կը կրէ պարբերական բնոյթ: Այս անգամ ժամանած խումբը Երուսաղէմ պիտի գտնուի Սեպտեմբերի 6-էն 11-ը :

 

Թղթակցութիւն