Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ, որ կը պահանջէ Ատրպէյճանէն առանց նախապայմանի ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները

2021-05-21
Image

Մայիս 17-21-ը Եւրոպայի խորհրդարանէն ներս ընթացող լիագումար նիստի շրջածիրէն ներս, 20 Մայիսին, քննարկում եղած է Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմի ռազմագերիներու թեմայով։ Ատրպէյճանի գործողութիւնները դատապարտող եւ հայ ռազմագերիները վերադարձնելու կոչով հանդէս եկած են Եւրոխորհրդարանի մէջ Իտալիոյ, Փորթուկալի, Ֆրանսայի, Բուլղարիայի, Լիթվայի եւ այլ երկիրներու պատգամաւորներ։

Մի քանի ժամ տեւած քննարկումներէն ետք Եւրոպական խորհրդարանը 607 կողմ ձայներով ընդունեց բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ Ատրպէյճանէն՝ առանց որեւէ նախապայմանի ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերի պահուող քաղաքացիները:

Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի բռնարարքները, մշակութային կոթողներու քանդումները եւ սահմանաներու խախտումները։

Միւս կողմէ, 19 Մայիսին, Եւրոպական խորհրդարանը Թուրքիոյ վերաբերեալ իր զեկուցումին մէջ վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր կոչը, նոյն ժամանակ կոչ ընելով Անգարային, որ զերծ մնայ հակահայ քարոզչութենէ ու ատելութեան խօսքերէ եւ ամբողջութեամբ յարգելու հայկական մշակոյթը պաշտպանելու իր յանձնառութիւնները: