Եւրոպական Միութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ ներգրաւուածութեան նոր փուլ կը սկսի. Պորել

2022-12-20
Image

Եւրոպական Միութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ ներգրաւուածութեան նոր փուլ կը սկսի՝ նոր փուլ մը, անցումային խումբով, որ հիմեր պիտի ստեղծէ Հայաստանի մէջ առաւել երկար ժամկէտով Եւրոպական Միութեան առաքելութեան տեղակայման համար:  19 Դեկտեմբերին, այս հաստատումը կատարած է միութեան արտաքին յարաբերութիւններու գլխաւոր յանձնակատար Ժոզեփ Պորել՝ ընդգծելով, որ այդ առաքելութեան նպատակն է՝ վերջապէս նպաստել կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման:

Եւրոպական Միութեան 40 հոգինոց անզէն առաքելութիւնը տեղակայուեցաւ Հայաստանի մէջ՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին,  Հոկտեմբերին սկիզբը, Փրակի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպումէն ետք: Սկիզբէն յայտարարուեցաւ, որ անիկա պիտի գործէ երեք ամիս. ժամկէտը աւարտեցաւ 19 Դեկտեմբերին: Անոր նպատակն էր՝ դիտարկել, վերլուծել եւ Պրիւքսէլը տեղեակ պահել տեղւոյն իրավիճակին մասին:

Անցած եռամսեայ ժամկէտի առաքելութեան որեւէ զեկոյց չհրապարակուեցաւ: Հայկական կողմը, սակայն, բարձր գնահատեց անոր արդիւնաւէտութիւնը: Այս մասին յայտարարած է նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարը:

«Եւրոպացի փորձագէտներու տեղակայումը արդիւնաւէտ էր եւ նպաստեց վստահութեան ամրապնդման՝ անկայուն իրավիճակի մէջ», յայտարարած է Պորել՝ աւելցնելով, որ այդ հիման վրայ Եւրոպական Միութեան խորհուրդը՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն համաձայնութեամբ, որոշեց Վրաստանի մէջ գործող Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութենէն անցումային, ծրագրուած աջակցութեան խումբ տեղակայել Հայաստանի մէջ՝ աւելցնելով ապահովութեան վերաբերեալ տեղեկացուածութիւնը եւ նպաստելով նոր քաղաքացիական առաքելութեան ծրագրման ու նախապատրաստութեան:

Պորել նշած է, որ կ՛ակնկալուի, որ անցումային այս խումբը կ՛աջակցի նաեւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորումը խթանելու գործընթացին մէջ: