Եւրոպայի հայութիւնը նախաձեռնած է աննախադէպ բողոքի արշաւ. եւրոպական փողոցները կը շարունակեն փակ մնալ

2020-10-16
Image

Հայերը կը փակեն ճանապարհները Եւրոպայի մէջ կամ #RecognizeArtsakh:

Այս մասին դիմատետրի իր էջին անդրադառնալով եւրոպական տարբեր հատուածներուն մէջ մեկնարկած բողոքի ցոյցերուն՝ գրած է ՀՀ ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը:

Ան յիշեցուցած է, որ վաղ առաւօտէն Եւրոպայի հայութիւնը նախաձեռնած է աննախադէպ բողոքի ցոյց։ Մեր հայրենակիցները փակ կը պահեն հետեւեալ ուղղութիւններու միջպետական մայրուղիները՝ Ֆրանսայէն Սպանիա, Ֆրանսայէն Պելճիքա, Պելճիքայէն Հոլանտա, Ֆրանսայէն Զուիցերիա, Հոլանտայէն Գերմանիա, Լիւքսըմպուրկ – Պելճիքա – Ֆրանսա, Ֆրանսա – Իտալիա, Գերմանիա – Դանիա։

Հայութիւնը կը պահանջէ Արցախի միջազգային ճանաչումը եւ թուրք-ատրպէյճանական եւ ահաբեկչական յարձակման դատապարտում եւ դադրեցում։