Զարեհ Սինանեան հանդիպած է Դամասկոսի հայ համայնքի հետ
Աշխատանքային այցով Սուրիա գտնուող ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հանդիպում ունեցած է Դամասկոսի հայ համայնքի հոգեւոր եւ միութենական ղեկավարներուն հետ: Տեղեկութիւնը յայտնած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
«Հանդիպման ընթացքում մանրամասնօրէն քննարկուեցին հայ համայնքի առջեւ ծառացած խնդիրները, դրանց յաղթահարման ուղիները՝ յատկապէս փետրուարի 6-ի աւերիչ երկրաշարժի լոյսի ներքոյ»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Համայնքի ներկայացուցիչները Սինանեանին ներկայացուցած են աղէտէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ անկէ դուրս ելլելու ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներու ընթացքը: Քննարկման առանցքային հարցերէն եղած է Հայաստան-սփիւռք համագործակցութիւնը։
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարն ու համայնքի ներկայացուցիչներն անդրադարձած են համագործակցութեան հետագայ ընդլայնմանն ու զարգացման հեռանկարներուն։