Զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքները վերսկսած են

2021-03-16
Image

Ներքին գործոց նախարարութեան ԱԻ պետական ծառայութեան փրկարարական երկու ջոկատ այսօր կ'աշխատին Մարտունիի եւ Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջաններուն մէջ:

Արցախեան պատերազմին զոհուած ու մինչ օրս որպէս անյայտ կորսուած համարուող զինծառայողներու աճիւններու որոնման եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն տարհանման աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած է ընդհանուր 1499 աճիւն: