Զինծառայող մահացած է, մարմինը յայտնաբերած են մարտ 8-ին. ՀՀ ՊՆ

8 մարտին յայտնաբերուած է պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինծառայող Անդրանիկ Կարոյի Օհանեանի մարմինը:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար կը տարուի քննութիւն:
ՀՀ քննչական կոմիտէի (ՔԿ) զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան (ԶՔԳՎ) վեցերորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի ծիրին մէջ պարզուած են ժամկէտային զինծառայող Անդրանիկ Օհանեանի մահուան հանգամանքները։
ՔԿ-էն յայտնած են, որ 2023-ի 8 մարտին ՀՀ ՊՆ Ռազմական ոստիկանութեան Բերդի բաժնէն հաղորդում ստացուած է այն մասին, որ նոյն օրը զինաւանի հաւաքակայանի յարակից անտառին մէջ յայտնաբերուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինծառայող Անդրանիկ Կարոյի Օհանեանի դին՝ ծառէն կախուած վիճակի մէջ:
Դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի ԶՔԳՎ վեցերորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 522-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ եւ կը կատարուի նախաքննութիւն:
Նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն, հարցաքննուած են զօրամասի շարք մը զինծառայողներ՝ ինչպէս սպայական կազմէ, այնպէս ալ համածառայակիցներէ։
Ձեռնարկուած են անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի բոլոր միջոցառումները կատարուածի հանգամանքները լիարժէք պարզելու նպատակով։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Անդրանիկ Օհանեանի ընտանիքի անդամներուն, ծառայակից ընկերներուն եւ հարազատներուն: