Զինծառայութեան ժամկէտը պիտի կրճատուի. սահմանները պիտի հսկեն ԱԱԾ սահմանապահ զօրքեր. ԱԽ քարտուղար

Անհրաժեշտութիւն կայ կրճատելու ժամկէտային զինծառայութեան ժամկէտները. այլեւս պատրաստ է բանակի բարեփոխման հայեցակարգը, մեծ բարեփոխումներ պիտի կատարուին, եւ այդ տրամաբանութեան շրջածիրէն ներս մտադիր ենք անցում կատարել մասնագիտական բանակի մոտելին: Այս մասին «Հանրային հեռուստաընկերութեան» տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը՝ անդրադառնալով կառավարութեան նոր ծրագրին մէջ ՀՀ ԶՈՒ բարեփոխումներու վերաբերեալ դրոյթներուն:
«Դա նշանակում է, որ ժամկէտային զինծառայողների թուի կրճատում կը լինի, աւելի շուտ՝ զինծառայութեան ժամկէտի կրճատում: Փրոֆեսիոնալ բանակը չի նշանակում պայմանագրային զինծառայութիւն, դա ենթադրում է, որ մարդն իր ամբողջ ժամանակը պէտք է տրամադրի ծառայութեանը: Օրինակ՝ պայմանագրային ծառայութեան դէպքում որոշակի ժամանակահատուած դիրք են պահում, որոշակի ժամանակ էլ ազատ են: Մենք ուզում ենք ամբողջապէս փոխել այս մօտեցումները: Մենք ուզում ենք, որ սահմանային հսկողութիւնն ու պաշտպանութիւնն ամբողջապէս փոխանցուի Սահմանապահ զօրքերին. այդ նպատակով ԱԱԾ-ն պէտք է ընդլայնի սահմանապահ զօրքերի թուաքանակը, իսկ բանակն ամբողջապէս պէտք է կեդրոնանայ ռազմական գործում հմտանալու վրայ, իսկ երբ սահմանների պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւն առաջանայ, միայն այդ դէպքում զբաղուի ռազմական գործողութիւններով»,- նշած է Գրիգորեանը: