Զոհուած եւս 81 հերոս զինծառայողի ընտանիք յատուցում ստացած է

Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի շահառուներու թիւը փոխուած է. 27 Սեպտեմբերին թշնամիի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով զոհուած եւս 81 հերոս զինծառայողներու ընտանիքներ հատուցում ստացած են։
Այսպիսով Հիմնադրամի հիմնական շահառուներու քանակը 4024 է, որմէ 3608-ը` այս՝ վերջին պատերազմի հետեւանքով, 416-ը Հիմնադրամի շահառու դարձած են նախքան 2020 թուականի պատերազմը: Անուանացանկին կրնաք ծանօթանալ այստեղ։
Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամը ստեղծուած է հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ զոհուած, անհետ կորած, զինհաշմանդամութեան 1,2 կարգ ձեռք բերած մարտիկներու ու անոնց ընտանիքներու ընկերային բարօրութեան, կայուն եւ հաւասար ապահովագրական հատուցումներ տրամադրելու նպատակով:
Հիմնադրամի միջոցները կը գոյանան Հայաստանի ու Արցախի մէջ եկամուտ ստացող անձանց ամսական պարտադիր վճարներէն, ինչպէս նաեւ կամաւոր նուիրատուութիւններէն, որոնք կը տրամադրուին նաեւ Սփիւռքէն։