Զոհուած զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքներն այսօր եւս դադարեցուած են

2021-03-15
Image

Արցախի Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կ'իրազեկէ, որ Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող տարածքներուն մէջ զոհուած զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքներն այսօր եւս դադարեցուած են եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառով:

Նշենք, որ որոնումներն այսօր նախատեսուած եղած է Մարտունիի շրջանին մէջ, Վարանդայի (Ֆիզուլի) եւ Ջրականի (Ճէպրայիլ) ուղղութիւններով:

Եթէ ձիւնի տեսքով տեղումներ չըլլան ու բաւարար տեսանելիութիւն ըլլայ՝ աշխատանքները պիտի վերսկսին վաղը:

Զինադադարէն ետք մինչ այսօր յայտնաբերուած աճիւններու ընդհանուր թիւը 1499 է, որմէ 23-ը նախնական տուեալներով քաղաքացիական անձինք են: