Զօրքերը պէտք է վերադառնան սկզբնական դիրքեր. Մեծ Բրիտանիոյ դիրքորոշումն Ատրպէյճանի յարձակման վերաբերեալ

2022-09-27
Image

«Բրիտանիոյ կառավարութիւնը, ներառեալ Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի մէջ մեր միջնորդութեան ժամանակ, յստակ հասկցուցած է, որ զինեալ ուժերը պէտք է ետ քաշուին այն դիրքերը, ուր անոնք կը գտնուէին մինչեւ զինուորական գործողութիւններուն սկսիլը: Տագնապը լուծելու միակ ուղին դիւանագիտութիւնն է», նշուած է Ազրպէյճանի վերջին յարձակումին վերաբերեալ «Լուրեր»-ու հարցումին ի պատասխան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ:

«Մենք միշտ դատապարտած ենք բոլոր տագնապներուն ընթացքին քաղաքային տարածքներու թիրախաւորումը: Մեր միտքերը վերջին բռնութիւններուն պատճառով զոհուածներու կամ վիրաւորներու ընտանիքներուն հետ են:

«Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կ՛ողջունէ պատերազմական գերիներու եւ մահացածներու աճիւններու վերադարձը: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք քննարկելու մնացեալ բոլոր պատերազմական գերիներու եւ մահացածներու աճիւններու վերադարձի հարցը: Խոշտանգումներու մասին հաղորդումները չափազանց մտահոգիչ են, եւ կը պահանջուի համապատասխան մարմիններու մանրակրկիտ հետաքննութիւն», նշուած է Երեւանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ: