Էրտողանի խօսնակը խօսած է հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացի մասին եւ պայմաններ դրած Հայաստանի առջեւ

2021-09-29
Image

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն թրքական «Haber Gobal» լրատուականի եթերով խօսած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման  գործընթացին եւ արցախեան հիմնախնդիրին մասին:

Ան շեշտած է, որ իրենք սկզբունքօրէն դրական կը նային Հայաստանի հետ յարաբերություններու կարգաւորման գործընթաւցին։ Յիշեցուցած է, որ 1992-ին Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու դադրեցման եւ հայ-թրքական սահմանի փակման պատճառը եղած է արցախեան պատերազմ, որ անուանած է «Ղարաբաղի գրաւում»։

«Իսկ հիմա, երբ այդ խնդիրը արդէն լուծուած է, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ խոչընդոտ այլեւս չկայ։ Սակայն Ղարաբաղի խնդիրին մէջ դեռ կան հարցեր, որոնք լուծում կը պահանջեն», ըսած է Քալըն։

Էրտողանի խօսնակը նաեւ նշած է, որ թէեւ Ղարաբաղի մէ հրադադար հաստատուած է, բայց առ այսօր Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր չէ ստորագրուած: 

«Խաղաղութեան պայմանագիրը անհրաժեշտ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի, ե՛ւ Կովկասի, ե՛ւ մեր բոլորիս համար։ Անոր վերաբերեալ պայմանները, բնականաբար, պէտք է քննարկուին ու արժանանան երկու կողմերու հաւանութեան», աւելցուցած է Էրտողանի խօսնակը:

Իպրահիմ Քալընի խօսքով՝ վերոնշեալ գործընթացը կը շարունակուի եւ անոր յաջորդ փուլը կ'ըլլայ պայմանագրի կնքումը։ «Կարեւոր չէ, թէ այդ կ'ըլլայ ՄԱԿ-ի, Մինսքի խմբակի եռանախագահներու հովանիին ներքոյ, թե տարածաշրջանային այլ դերակատարներու ներգրաւմամբ: Կարեւորը այն է, որ պայմանագիրը ըլլայ, որ կը հաստատուի Ատրպէյճանի կողմէ եւ կ'ընդունուի Հայաստանի կողմէ։ Այդպիսով խնդիրը ամբողջութեամբ կը լուծուի ու մէկ կողմ կը դրուի», եզրափակած է Քալըն: