Ընթացք առած են Հայաստանի եւ Իրանի ԱԳ նախարարներու հանդիպումը

2021-10-04
Image

Իրանի մէջ ընթացք առաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիանի հանդիպումը։ Այս մասին տեղեկացուց ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Վահան Յունանեանը:

Իրանական «Mehr» լրատուական գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումէն ետք կը նախատեսուի համատեղ մամլոյ ասուլիս մը:

Երկու երկրներուն ԱԳ նախարարները հանդիպած էին նաեւ Նոր Եօրքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի շրջանակէն ներս: