Ընտանիքս Ստեփանակերտ վերադարձաւ. Մեծ փորձութենէն ետք Արցախը պիտի ապրի. Արայիկ Յարութիւնեան

2020-11-17
Image

Ընտանիքս Ստեփանակերտ վերադարձած է, կը յայտնէ Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան։

«Մեծ փորձութենէն ետք Արցախը պիտի ապրի, ու, անկախ ստեղծուած իրավիճակէն, մենք վստահաբար պիտի կառուցենք մեր երեխաներու ապագան:

Կոչով դիմած եմ նաեւ կառավարութեան բոլոր պատասխանատուներուն, որպէսզի միջոցներ ձեռնարկեն առաջիկայ օրերուն ընտանիքներու՝ հարազատ օջախներուն մէջ կրկին հաստատուելու ուղղութեամբ:

Պէտք է շարունակենք արարել ու ապրեցնել Արցախը», - նշած է նախագահը։