Ընտրական մեղադրանքներով ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները առաջատարն են

Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները առաջատարն են ընտրական մեղադրանքներով։
Գլխաւոր դատախազութեան տուեալներով՝ արտահերթ ընտրութիւններուն ժամանակ ընտրական յանցագործութիւններով դատարան ուղարկուած 24 մեղադրեալներէն 10-ը Սերժ Սարգսեանի սատարած՝ «Պատիւ ունեմ», իսկ 9-ը Ռոպերթ Քոչարեանի առաջնորդած «Հայաստան» դաշինքներու պատգամաւորի թեկնածուները կամ աջակիցներն են։ Ընդհանուր առմամբ՝ մեղադրեալի աթոռին են 8 պատգամաւորի թեկնածուներ, որոնց շարքին կան նաեւ թեկնածուներ Գագիկ Ծառուկեանի առաջնորդած եւ խորհրդարան չանցած՝ ԲՀԿ կուսակցութենէն։ Մեղադրեալներէն 24-ը, ներառեալ՝ պատգամաւորի 8 թեկնածուները կալանաւորուած են։
Գրեթէ նոյն պատկերը արձանագրած էր նաեւ «Անկախ դիտորդ» կազմակերպութիւնը, ըսած է ներկայացուցիչ՝ Դանիէլ Իոաննիսեանը։
«Իրաւապահները փորձում են ոչ միայն որակեալ անել այս գործն, այլեւ արագ անել, որպէսզի հանրութեան համար կասկած չմնայ, որ ընտրական յանցագործութիւն գործած անձինք պատժուելու են։ Սա շատ կարեւոր է, սա գործընթաց է, որը սկսուել է 2018 թուականից․ մի քանի անգամ փոխուել է Քրէական օրէնսգիրքը՝ խստացումներով եւ փոխուել է իրաւապահների մօտեցումը», - նշեց Իոաննիսեան։
Քուէարկութենէն շուրջ երեք ամիս անց դեռ դատարան չէ ուղարկուած եւ նախաքննութեան փուլի մէջ կը գտնուի 39 քրէական գործ։