Ընտրութիւններու արդիւնքները կու գան վկայելու Ձեր եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վայելած ժողովրդական աջակցութեան մասին. ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Շնորհաւորագիրը

2021-07-02
Image

Յունիս 28, 2021

 

ՀՀ Վարչապետի պաշտօնակատար
Տիար Նիկոլ Փաշինեանին

Մեծարգոյ Պրն. Փաշինեան,

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն անդամութեան անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ՝ ՀՀ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ձեր ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակի կապակցութեամբ:

Արցախեան պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած ճգնաժամային եւ քաղաքական անկայուն պայմաններու մէջ կայացած ընտրութիւններու նման արդիւնքները կու գան վկայելու Ձեր եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վայելած ժողովրդական աջակցութեան մասին:

Թոյլ տուէք ողջունել ժողովրդավարական սկզբունքներով, ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կայացնելու եւ իրաւական հիմքերով պետութիւն հաստատելու Ձեր հաստատակամութիւնը:

Վստահ ենք, որ Ձեր վերահաստատուած իշխանութիւնը խթան պիտի հանդիսանայ, որ նոր թափով եւ առաւել վճռակամ շարունակէք Ձեր պաշտօնավարման սկզբնական շրջանին ձեռնարկած՝ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, երկրի զարգացման, ժողովուրդի բարեկեցութեան ու պետութեան անվտանգութեան ապահովման ուղղուած բարեփոխումներու իրականացումը:

Համոզուած ըլլալով, որ միայն համազգային միասնական ոգիով եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ հնարաւոր պիտի ըլլայ պետականաշինութեան գործընթացի յաջողումը, կու գանք մեր ամբողջական նեցուկը յայտնելու եւ գործակցութեան ձեռք մեկնելու ի փառս մեր հայրենիքին եւ ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդին:

Թոյլ տուէք անգամ մը եւս շնորհաւորել Ձեզ եւ մաղթել արգասաբեր գործունէութիւն եւ յաջողութիւն՝ Ձեր պատասխանատու պետական գործունէութեան մէջ:

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր

Մայք Խարապեան | Ատենապետ