Թէժ մարտեր կը մղուին յատկապէս Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց, Սղնախ եւ Ակնաղբիւր հատուածին

2020-10-29
Image

Ռազմական գործողութիւնները առաջնագիծին տարբեր ուղղութիւններով ուժգին կերպով կը շարունակուին։ Պաշտպանութեան բանակը յատկապէս թէժ մարտեր կը մղէ Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց, Սղնախ եւ Ակնաղբիւր հատուածին։

Թշնամին ունի կենդանի ուժի մեծ կորուստներ։ Այս մասին իր դիմատետրի էջին յայտնած է ԱՀ նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը։