Թշնամիի կրակոցէն զինծառայող մը վիրաւորուած է

2022-11-18
Image

17 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11ին, հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքին մէջ հակառակորդի կրակոցէն վիրաւորուեցաւ զինուորական ծառայող Հ. Ա.ն:

Լուրը հաղորդեց պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը՝ դիտել տալով, որ վիրաւոր զինուորին առողջական վիճակը միջին ծանրութեան է, եւ անոր կեանքին վտանգ չկայ: