Թշնամին աշխոյժ եղած է սահմանի 3 ուղղութիւններով, կրած է մարդկային ուժի եւ ռազմական սարքերու լուրջ կորուստներ, ոչնչացուած է. ՊԲ

2020-11-05
Image

Նոյեմբեր 4-ի լոյս 5-ի գիշերը ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով յարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է: Թշնամական ուժերը առանձնակի աշխոյժութիւն դրսեւորած են արեւելեան, հարաւ-արեւելեան ու հարաւային ուղղութիւններով:

Հակառակորդի գրոհային խումբերու կողմէ ձեռնարկուած բազմակի գրոհները ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ յաջողութեամբ կասեցուած են: Թշնամին կրած է մարդկային ուժի եւ ռազմական սարքերու լուրջ կորուստներ:

Հակառակորդը երկու գրոհային խումբերու կազմով յարձակման փորձ ձեռնարկած է նաեւ հիւսիսային հատուածին մէջ, որոնք ժամանակին հաւաստանշուած եւ ոչնչացուած են բանակային ստորաբաժանումներու կողմէ: Օրուայ ընթացքին Արցախի խաղաղ բնակավայրերը շարունակած են մնալ թշնամական ուժերու հրթիռահրետանային կրակի թիրախային գօտիի մէջ:

Ներկայ պահուն թշնամական ուժերու՝ յարձակման փորձերը նշուած ուղղութիւններով կը շարունակուին:

Մարտավարական իրադրութիւնը ճակատային գիծի ամբողջ երկայնքով կը վերահսկուին ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ: