Թշնամին կէսգիշերէն ետք ողկուզային հեռահար քանի մը հրթիռ արձակած է Ստեփանակերտի ուղղութեամբ

Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն մէջ, Ստեփանակերտէն բացի, Նոյեմբեր 8 լոյս 9-ին պահպանուած է յարաբերական հանգիստը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն։
«Թշնամին կէսգիշերէն ետք ողկուզային հեռահար քանի մը հրթիռ արձակած է Ստեփանակերտի ուղղութեամբ, վնասած քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։ Տուժածներ` մայրաքաղաքի մէջ չկան։
Արցախի միւս բնակավայրերուն մէջ գիշերը համեմատաբար անցած է հանգիստ»,-կը նշեն ծառայութենէն։