Թշնամին հրթիռահրետանային հարուածներ հասցուցած է Մարտունի, Շուշի քաղաքներուն եւ Քարին տակ գիւղին․ ՊԲ

Գիշերուայ ընթացքին մարտերը շարունակուած են հարաւ-արեւմտեան, հարաւ-արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով: Մարտական գործողութիւններուն զուգահեռ թշնամական ուժերը շարունակած են թիրախաւորել խաղաղ բնակավայրերը, մասնաւորապէս հրթիռահրետանային հարուածներ հասցնելով Մարտունի, Շուշի քաղաքներուն եւ Քարին տակ գիւղին: Այս մասին հաղորդում է Արցախի ՊԲ-ն։
Նշուած ուղղութիւններու վրայ աշխատող հակառակորդի կրակային դիրքերուն ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ հասցուած են թիրախային հարուածներ: Թշնամական ուժերը շուրջ 10 միաւոր ռազմական սարքերու միջոցով առաջանալու փորձ ձեռնարկած են Աւետարանոց-Սղնախ հատուածին մէջ, սակայն, խոցուելով բանակային ուժերու կողմէ եւ կրելով մեծաթիւ կորուստներ, ետ շպրտուած են:
Առաւօտեան թշնամական ուժերը վերսկսած են յարձակողական գործողութիւնները՝ միաժամանակ շարունակելով հրթիռակոծել խաղաղ բնակավայրերը: ՊԲ-ն լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանէ ճակատային գիծի ամբողջ երկայնքով՝ վերահսկելով թշնամիի բոլոր շարժերն ու ըստ անհրաժեշտութեան վերջինիս հասցնելով նպատակային հարուածներ: