Թշնամին ոչ թիրախային հարուածներ կը հասցնէ Ստեփանակերտին. Աւերածութիւնները շատ են

«Պատերազմական գործողութիւններուն զուգահեռ թշնամական կողմը կը շարունակէ հեռահար հրթիռներով աւերել խաղաղ բնակավայրերը»,-Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնի փոխանցմամբ՝ յայտնած է ԱՀ ԱԻՊԾ-ը։
«Ստեփանակերտի մէջ վերջին մէկ ժամուան ընթացքին երեք անգամ միացած է տագնապի ազդանշանը։
Թշնամին ոչ թիրախային հարուածներ կը հասցնէ բնակելի թաղամասերու ու հանրային նշանակութեան կառոյցներու վրայ։
Տուժածներ չկան։ Աւերածութիւնները շատ են»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։