Թոյլ մի տաք, որ Լեռնային Ղարաբաղի եկեղեցիները ոչնչացուին. ԵԽ պատգամաւորը կ'ահազանգէ

Եւրոխորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի նախագահ, ԵԽ պատգամաւոր Նաթալի Լուազոն մտահոգուած է հայկական ժառանգութեան պահպանութեան հարցով Լեռնային Ղարաբաղի այն շրջաններուն մէջ, որոնք 2020 թուականի նոյեմբերէն անցած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Այս մասին ԵԽ պատգամաւորը գրած է La Croix-ի մէջ հրապարակած յօդուածին մէջ:
Լուազոն արձանագրած է, որ տարածքներու՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք կ'անարգուին ու կ'ոչնչացուին հայկական եկեղեցիներ, ինչպիսիք են՝ Մեխակաւանի Սուրբ Մարիամ եկեղեցին, Շուշիի Կանաչ ժամը կամ Մատաղիսի մէջ վանտալիզմի ենթարկուած Սուրբ Եղիշէն: «Ամէն օր կ'ոչնչացուին յուշարձաններ կամ գերեզմաններ: Կան բոլոր հիմքերը վախնալու, որ այս ոչնչացումը պիտի շարունակուի եւ մեծ թափ ստանայ»,- գրած է Եւրոպական խորհուրդի պատգամաւորը՝ յիշեցնելով Նախիջեւանի մէջ հայկական եկեղեցիներու ու տապանաքարերու ոչնչացումը, Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատունն ամբողջութեամբ հողին հաւասարեցնելը:
Անոր գնահատմամբ՝ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ այսօր եղած յայտարարութիւններն արդէն կը յուշեն, թէ ինչ կարելի է ակնկալել. օրինակ, Ատրպէյճանի ճարտարապետներու միութեան տնօրէնը յոյս յայտնած էր, որ «Արցախի բոլոր եկեղեցիները կ'աւերուին»: Իսկ նախագահ Ալիեւը կոչ ըրած էր եկեղեցիներէն հեռացնել հայկական արձանագրութիւնները՝ խեղաթիւրելով պատմութիւնն ու յայտարարելով, թէ անոնք «Կովկասի ալպանացիներու շէնքեր են»:
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը փաստած է, որ այս իրավիճակին մէջ միջազգային հանրութիւնը, փոխանակ ընէ առաւելագոյնը մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար, անտարբերութիւն կը դրսեւորէ: Մինչդեռ ժողովիւրդի մշակութային ժառանգութեան վրայ յարձակումը էթնիք զտման մաս է:
«Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամը լուծելու համար անհրաժեշտ է, որ մենք աւելի համընդգրկուն գործողութիւններ իրականացնենք եւ աւելի մեծ վճռականութիւն ցուցաբերենք, բոլոր գերիները պէտք է ազատ արձակուին, բոլոր սահմաններն ու ելքերը դէպի Ղարաբաղ պէտք է բաց ըլլան, ականազերծումը պէտք է աւարտին հասցուի: Այս ամէնուն համար հարկաւոր է ուժեղ միջազգային ներկայութիւն»,- նշած է Լուազոն՝ աւելցնելով, որ այս տարածքի ճակատագիրը կարելի չէ թողել Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ ձեռքերը, որ վերջին հակամարտութեան ցոյց տուաւ, որ կողմնակից չէ խնդրի հաւասարակշռուած ու խաղաղ կարգաւորման:
«Այս ամէնը ժամանակ կը խլէ: Սակայն Արցախի ժառանգութեան հարցը չի կրնար սպասել: Ես կոչ կ'ընեմ Մինսքի խումբի համանախագահներ Ֆրանսային, ԱՄՆ-ին եւ Ռուսաստանին միջամտելու Ատրպէյճանին: Կոչ կ'ընեմ Եւրոմիութեանն օգտագործելու Արեւելեան գործընկերութեան կապերը՝ յստակ հաւաստիացումներ ստանալու Պաքուէն, որ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պիտի պահպանուի»,- գրած է Լուազոն: Ան դիմած է նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին՝ կոչ ընելով չենթարկուիլ սպառնալիքներուն:
«Թոյլ մի տաք, որ Լեռնային Ղարաբաղի եկեղեցիները ոչնչացուին»,- եզրափակած է եւրոխորհուրդի պատգամաւորը: