Թորոս Թորանեանն ալ դարձաւ յաւերժի ճամբորդ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սրտի խոր ցաւով իմացաւ մահուան գոյժը հալէպահայ բժիշկ, արձակագիր եւ մտաւորական Թորոս Թորանեանի: Կորսնցուցինք համեստ հայ մտաւորական մը, որ իր հողին կարօտ հայ ժողովուրդի յոյզերուն թարգմանն էր իր բեղուն գրիչին եւ գրական գործունէութեան միջոցով: Հայ Դատի մեծ պաշտպան մը կորսնցուցինք: Մտաւորական մը, որ իր գրիչով արեւմտահայուն միտքին մէջ վառ պահեց մեր կորսնցուցած հայրենիքի յուշերը եւ արժէքը:
Թորոս Թորանեան միշտ պիտի յիշուի որպէս հայրենասէր գրականագէտ, արձակագիր, նոր սերունդի գրողներ քաջալերող, հայկական գրականութիւնը վառ պահող գլխագիր մարդ: Թորանեան կը գտնէր տպուելիք երկեր եւ ունէր բարերար բարեկամներու հոյլ մը, որոնք կը քաջալերէին իր առաջարկած գրողներու երկերը, անոնց տպագրութեան մեկենասը ըլլալով: Թորանեան գործակցեցաւ բոլոր հայկական միութիւններու հետ, որոնց կարգին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հետ, ի փառս հայկական մշակոյթին:
Թորանեան նաեւ լաւ հրապարակագիր էր եւ հրապարակախօս: Ան պիտի մնայ 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ ամենակարդացուած հրապարակագիրներէն մէկը, որու յօդուածները ապագային պիտի ծառայեն որպէս աղբիւր գրելու համար այդ ժամանակաշրջանի պատմութիւնը:
Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ իր ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու գաղափարի ընկերներուն պարգեւէ երկնային համբերութիւն: