Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերու թիւը գերազանցած է 8700-ը

Թուրքիոյ հարաւը երկուշաբթի տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 6234-ի: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է Anadolu գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ վարչապետ Ֆուատ Օքթայի խօսքերը:
Այսօր առաւօտեան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Օքթայ նաեւ յայտնած է երկրաշարժի հետեւանքով 34 810 վիրաւորի մասին: Փլուզուած է 5775 շէնք, 8000-է աւելի մարդ փրկուած է փլատակներէն:
Թուրքիոյ աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման նախագահութենէն յայտնած են, որ երկրաշարժէն տուժած շրջաններուն մէջ կ'աշխատի 60 218 մարդ, այդ շարքին՝ 3200 փրկարար աշխարհի 65 երկիրներէ:
Թուրքիոյ մէջ յետաձգուած են բոլոր մարզական միջոցառումները: Ամբողջ երկրին մէջ դպրոցները փակ պիտի մնան մինչեւ 13 փետրուարը, իսկ տուժած 10 շրջաններուն մէջ՝ մինչեւ 20 փետրուարը:
7.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժը մեծ աւերածութիւններ ըրած է նաեւ Սուրիոյ մէջ: Երկրի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է 1250 զոհի եւ 2054 վիրաւորի մասին: