Թուրքիոյ մէջ ջրհեղեղի զոհերու թիւը հասած է 77-ի

2021-08-17
Image

Առնուազն 77 մարդ զոհուած է Թուրքիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղներու հետեւանքով: Այս մասին երկուշաբթի յայտարարած է կառավարութեան արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութիւնը:

«Ջրհեղեղի հետեւանքով զոհուած է 77 քաղաքացի (62 մարդ՝ Քասթամոնուի, 14 մարդ՝  Սինոփի եւ մէկ մարդ՝ Պարթինի մէջ)», - ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Եօթ մարդ կը մնայ հիւանդանոցներուն մէջ:

Ուրբաթ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը ջրհեղեղէն տուժած շրջանները բնական աղէտի գօտի յայտարարած է: Այնտեղ կը շարունակուին որոնողափրկարարական աշխատանքները, որոնց մէջ, ըստ Էրտողանի, ներգրաւուած է աւելի քան 4600 մարդ եւ աւելի քան 1000 միաւոր սարքաւորում: