Թուրքիոյ յարձակողական վարքագիծը կը ստեղծէ վտանգաւոր մթնոլորտ. Կիպրոսի ՊՆ

Կիպրոսի եւ Յունաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւններն ու յարձակողական վարքագիծը կը ստեղծեն վտանգաւոր մթնոլորտ: Այդ մասին յայտարարած է Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Հարալամպոս Փեթրիտեսը, կը հաղորդէ CNA-ն:
Փեթրիտեսն ըսած է, որ Կիպրոսը, անկասկած, «որոշիչ պահեր կ'ապրի»՝ աւելցնելով, որ այդ փուլը «յատկապէս որոշուած է Թուրքիոյ կողմէ»: Կիպրոսի եւ Յունաստանի նկատմամբ թրքական կողմի յարձակողական յայտարարութիւններն ու վարքագիծը բացասաբար կ'ազդէ տարածաշրջանի վրայ: Պաշտպանութեան նախարարը յիշատակած է Կիպրոսի թրքական բռնատիրութեան դադարեցմանն ու կղզիական պետութեան վերամիաւորմանն ուղղուած կառավարութեան ջանքերու մասին: Ան ընդգծած է, որ կառավարութիւնն առաւելագոյն ջանքեր կը գործադրէ, որ փոխանցէ երկրի նոր սերունդին բռնատիրական զօրքերէն եւ բաժանարար գիծերէն ազատ երկիր: