Թուրքիոյ F-16-երը բերուած էին, քանի որ Ատրպէյճանի կործանիչները չէին կրնար խնդիրը լուծել. Յովհաննիսեան

2020-09-30
Image

Հայկական կողմը շատ լաւ գիտէ՝ Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերուն մէջ ինչ կործանիչներ կան, նաեւ՝ որ այդ կործանիչները իրենց առաջադրուած խնդիրները չեն կրնար կատարել՝ ինչպէս պէտք է, ատոր համար ալ Թուրքիոյ F-16-երը այնտեղ են: Այս մասին ասուլիսի ընթացքին յայտնեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան՝ անդրադառնալով թրքական կործանիչներու ներգրաւման:

Յովհաննիսեան նախ նշեց, որ դեռ 13-14 Օգոստոս, երբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զօրավարժութիւնները աւարտած էին, F-16 կործանիչները չհանուեցան Ատրպէյճանէն՝ մնալով ատրպէյճանական օդակայեաններուն մէջ: Այս մասով հարցը ՊՆ-ն բարձրացուցած է համապատասխան մարմիններուն մօտ:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի ծիծաղելի յայտարարութեան, թէ իբր իրենց ռազմաօդային ուժերու կազմին մէջ չկայ F-16՝ Յովհաննիսեանը ըսաւ. «Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ իրենց ռազմաօդային ուժերուն մէջ ինչ կործանիչներ կան: Եւ լաւ գիտենք, որ իրենց կազմին մէջ եղած կործանիչները իրենց առաջադրուած խնդիրները չեն կրնար կատարել՝ ինչպէս պէտք է, ատոր համար F-16-երը այնտեղ են: Լաւ գիտենք, որ F-16-երու հետ շատոնց իրենք կ՝աշխատէին զօրավարժութիւններով: ՀՀ-ն կը տիրապետէ համապատասխան տեղեկութիւններու՝ ինչպէս ռատիոճարտարագիտական հետախուզական միջոցներու»,-ըսաւ ան:

ՊՆ ներկայացուցիչը վստահեցուց, որ բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն լուրջ չվերաբերիլ հայկական կողմի պաշտօնական տեղեկութիւններուն, համապատասխան անակնկալներ կը սպասուին՝ ռատիոճարտարագիտական հետախուզական ապացոյցներով:

Ան շեշտեց, որ F-16-երը տարուած էին Ատրպէյճան եւ կ՝աշխատէին: Օրեր առաջ կը կատարուէին հետախուզական թռիչքներ, մարտավարական լուծումներ: «Բերուած էին, որովհետեւ ատրպէյճանական օդուժը չէր կրնար այդ խնդիրը լուծել, այդ մակարդակը, այդ փորձը չունի, երկրորդը՝ Թուրքիոյ օդուժէն բերուած էին նաեւ այլ սարքեր, օրինակ Պայրաքթար եւ այլ տեսակի ԱԹՍ-ները, որոնք համադրելի չեն ՄԻԳ-29-ի կամ ՍՈՒ-25-ի հետ: Այսինքն՝ գործնական իրավիճակի կառավարման տեսանկիւնէն չէին կրնար օգտագործել: Եւ հետեւաբար պէտք էր F-16-ը, որ կարենար այս համադրումը իրականացնել: Մենք շատ լաւ կը հասկնանք, փորձ ունինք, որ F-16-ը օդի մէջ է, կ՝աշխատի, Պայրաքթարին կ՝օգնէ, զուգահեռ սահմանի միւս կողմէն ռատիոճարտարագիտական կապի եւ կառավարման թրքական ինքնաթիռ կը թռչի: Պորտերով, համարներով շատ լաւ գիտենք այդ ամէնը, գիտենք, թէ ինչպէս փոխհամագործակցուած կ՝աշխատին իրարու հետ: Մենք շատ լաւ գիտենք, որ F-16-ը միայն կրնար, այդ ժամանակ գտնուելով թէկուզ 60 քմ հեռաւորութեան վրայ, համապատասխան բարձրութենէ տեսնել ՍՈՒ-25-ը, որովհետեւ օդաչուները այդքան փորձ ունէին, գիտէին՝ մարտավարապէս ինչպէս գային: Ոչ մէկ ՀՕՊ միջոց կրնար իրենց այդ պահուն այդ տեղը յայտնաբերել, իսկ F-16-ը՝ կրնար: Եւ շատ լաւ գիտենք, որ իր սպառազինութեան մէջ եղած AIM-120, AMRAAM հրթիռները ի վիճակի են խոցելու մինչեւ 90-100 քմ հեռաւորութեան թիրախ, միայն իրենք են (F-16-երը) ի վիճակի խոցելու, ՄԻԳ-29-ի վրայ տեղակայուած հրթիռները ի վիճակի չէին այդ տեղանքին մէջ, այդ պայմաններուն մէջ, այդ հեռաւորութեան վրայ, խոցել ՍՈՒ-25-ը»,- ըսաւ Յովհաննիսեան:

Հայկական կողմը պատրաստ է միջազգային փորձագէտներուն տրամադրել ապացոյցները: Ան չհրապարակեց թիւ, թէ քանի հատ F-16 կայ Ատրպէյճանի մէջ, սակայն նշեց, որ անոնք զոյգերով կը կատարեն համապատասխան խնդիրներ: